2013-10-30 11:29:34

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի կոչը Իրաքի ի նպաստ` ''Թող երկիրը գտնէ հաշտութեան, խաղաղութեան ու միութեան ճանապարհը''։


Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակէն կոչ մ ուղղեց` Իրաքի ի նպաստ, որուն մէջ հաւատացեալներէն խնդրեց աղօթել` ''Իրաքի սիրեցեալ երկրին համար, որ ենթարկուած է ողբերգրական առօրեայ բռնութիւններու, որպէսզի կարենայ ընդգրկել հաշտութեան, խաղաղութեան, միութեան եւ կայունութեան ճանապարհը''։
Յայտնեք որ չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան ներկայ էին նաեւ` Իրաքի Կրօնական Հարցերու Նախարարութեան` Շիիդ, Սիւննիդ, Քրիստոնեայ, Եազիտի եւ Սապէա կրօններու ներկայացուցիչները, որոնք այս օրերուն, Հռոմի մէջ, մասնակցեցան` Քահանայապետական Միջկրօնական Երկխօսութեան Խորհուրդի կողմէ կազմակերպուած միջկրօնական վեհաժողովի մը։ Ժողովականները` հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին, Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ, առանձնական հանդիպում ունեցան նաեւ Սրբազան Քահանայապետին հետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.